2015-01-23 08:15:08

Քրիստոնեաներու միութեան աղօթքի շաբաթը` ''ջուր տուր ինծի որ խմեմ''


(Ռատիօ Վատիկան)Քրիստոնեաներու միութեան աղօթքի շաբաթուայ աղօթքներն ու առօրեայ խորհրդածութիւնները, այս տարի կազմակերպուած են եկեղեցական երկու մարմիններէ. Պրազիլի եկեղեցիներու ազգային խորհուրդէն եւ համամիութենական ընկերակցութիւններու մէկ խումբէ մը։
Երկու մարմինները իրենց խորհրդածութիւններուն որպէս հիմ ընտրեցին` ''Յիսուսի հանդիպումն ու խօսակցութիւնը Սամարացի կնոջ հետ'' որուն ընթացքին Յիսուս ըսաւ` ''ջուր տուր ինծի որ խմեմ''։
Շաբաթը կը բացուի Արարիչ Աստուծոյ անունը հռչակելով։ Աստուած մարդը ստեղծեց իր պատկերին ու նմանութեան համաձայն։ Պատկերը եռեակ Աստուծոյ` միութիւն ճշմարտութեան ու սիրոյ զանազանութեան մէջ։ Զանազանութիւնը մաս մըն է Աստուծոյ ծրագրին։ Քրիստոնեաներու միութեան աղօթքի շաբաթը կը սկսի դատապարտելով մեղքի կարգ մը կեցուածքներէն, որ կ՛ենթադրեն անարդարութիւն, խտրականութիւն։ Եւ կ՛ընթանայ այն հաստատումով ` թէ եթէ հրաժարինք մեղքի այդ վիճակներէն, որ մեզ կը բաժնեն, քայլ մը կատարենք դէպի Աստուծոյ Արքայութեան միութիւնը։ Ընթացքը կ՛եզրափակուի Հոգեգալստեան փորձառութեամբ, Ս. Հոգւոյ բազմաթիւ պարգեւներով, որ մեզ կ՛առաջնորդեն Աստուծոյ կամքի իրականացումին` ''որպէսզի ամէնքը մէկ ըլլան''։








All the contents on this site are copyrighted ©.